Լաթվիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումի բանաձեւին հակազդելով՝ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը գործածեց երկրին մէջ արգիլուած «ցեղասպանութիւն» եզրը:
Նախարարութիւնը Twitter-ի վրայ կատարած յայտարարութեան մէջ գրած է հետեւեալը. «Կը մերժենք եւ չենք ընդունիր Լաթվիոյ խորհրդարանին ցեղասպանութեան առնչութեամբ որոշումը»:
Այս յայտարարութիւնը մեծ աղմուկ յառաջացուց թրքական հասարակութեան մէջ. շատեր իրենց զայրոյթը արտայայտեցին նախարարութեան պաշտօնական գրառումին տակ:
Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակները ընդհանրապէս կը գործածեն «1915ի իրադարձութիւնները» կամ «այսպէս կոչուած ցեղասպանութիւնը» եզրերը, մերժելով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական ճշմարտութիւնը:
Նախարարութիւնը աւելի ուշ վերցուց աղմկայարոյց գրառումը։