ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիա բուռն կերպով բողոքեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Լաթվիոյ խորհրդարանին որոշումին դէմ։
Անգարայի հակազդեցութիւնը արտայայտուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ կը պնդուի, որ այդ քայլը «ունի քաղաքական հիմնաւորումներ» եւ «պատմութիւնը վերախմբագրելու» փորձ մըն է։
Անգարա կոչ ուղղեց, որ Լաթվիա խրախուսէ այն ջանքերը, որոնք հետամուտ են տարածաշրջանին մէջ համակեցութեան հաստատման՝ գլխաւորապէս հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ։