ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ
Փարիզի 10րդ թաղամասին մէջ, մեթրոյի Strasbourg-Saint Denis կայարանին մօտ, Porte Saint-Denis կամարի ետեւի փողոցին մէջ կան քանի մը քիւրտ նպարավաճառներ, որոնք կը ծախեն արեւելեան ապրանքներ՝ թրքական, հայկական, արաբական, յունական, ռուսական, վրացական եւ այլն։
Յաճախ կ՛երթամ անոնցմէ կը գնեմ լիբանանեան հաց, հելվա, թահին, ռուպ, յունական մածուն եւ ֆեթա, հայկական լաւաշ եւ գինի եւ այլն։
Գնումներու համար հերթական այցելութիւնս էր։ Դարակներուն վրայէն կ՛ընտրէի առնելիք ապրանքներս, երբ նշմարեցի, որ կողքիս երկու արաբախօս երիտասարդներ թրքական հելվա եւ թահին առած էին ու կը շարունակէին ընտրել իրենց ուզածները։
Առիթ մը կը փնտռէի իրենց հետ խօսակցութիւն բանալու համար։
Ցուցադրաբար վերցուցի Anjar վաճառանիշի հելվա, թահին եւ ռուպ, ու իրենց հարցուցի՝ «Լիբանանցի՞ էք»։
Զգացի, որ արաբերէն խօսիլս իրենց համար հաճելի անակնկալ մը եղաւ։
«Ո՛չ, սուրիացի ենք», պատասխանեցին։
Երկու խօսքը բաւարար եղաւ որ կամուրջը հաստատուի, խօսակցութիւնը բացուի ու զարգանայ։
Անկէ անդին դիւրին էր խմբագրել ըսելիքս, «յարձակիլ» եւ առնել ուզածս։
Չէի գիտեր, թէ սուրիացիներու ո՞ր տեսակն են, կառավարութեան հե՞տ են թէ հակառակ։ Չուզեցի նաեւ հասկնալ այդ մասին, որովհետեւ իմ ուզածս ուրիշ բան էր, եւ այդ պատճառով նաեւ չյայտնեցի հայ ըլլալս, մտածելով, որ եթէ կառավարութեան ընդդիմադիր են, հայ ըլլալս կրնայ գործս աւրել։
Ու սկսայ. «Ինչ լաւ, ես լիբանանցի եմ, նոյն աշխարհին կը պատկանինք, նոյն տառապանքները ճաշակած ենք։ Կը տեսնեմ, որ նոյն հետաքրքրութիւնները ունինք նաեւ ուտելիքներու նկատմամբ։ Իսկ ինչո՞ւ Anjar մակնիշի ապրանքները չէք առներ, Anjar-ն ալ ունի թահին, հելվա, ռուպ, թթուաշ եւ այլ ապրանքներ։ Երբ Դամասկոսէն Լիբանան մտնէք, առաջին գիւղը Anjar-ն է, ես այցելած եմ այդ գործատունը, աշխատողներուն մեծ մասը սուրիացի գաղթականներ են։ Լիբանանի մէջ մէկ միլիոն սուրիացի գաղթական կայ։ Եթէ Anjar-ի ապրանքները առնէք, բնականաբար օգնած կ՛ըլլաք սուրիացի գաղթականներուն։ Դուք ալ, ես ալ գաղթական ենք եւ գիտենք ինչ կը նշանակէ մեր տուներէն արմատախիլ ըլլալ եւ դուրսը գործ փնտռել։ Ինչքան որ Anjar-ի ապրանք ծախուի, այնքան գործ հայթայթած կ՛ըլլանք սուրիացի մեր եղբայրներուն…»։
Իրենց ձեռքի թրքական ապրանքները տեղը դրին, առին Anjar մակնիշի թահին, հելվա, ռուպ, թթուաշ, շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ բարեկամութեան ժպիտով բաժնուեցանք։
Անակնկալ ճակատամարտ մը դիմագրաւելու եւ ջախջախիչ յաղթանակ տանելու տօնական զգացումներու մէջ էի։ Թրքական ապրանքները դարակին վրայ մնացած էին, անոնց տեղ վաճառուած էին Anjar մակնիշի լիբանանեան ապրանքներ, ծառայելով հայկական դրամագլուխին…։
Ճիշդ է՝ «աւար»ը այնքան մեծ բան մը չէր, բայց երեւակայեցէք, եթէ բոլոր հայերը նոյն բանը ընեն աշխարհի բոլոր կողմերը…
Այնճարին անծանօթ հայ ընթերցողին համար յայտնեմ, որ Այնճարը Լիբանանի մէջ հայկական բնակչութեամբ գիւղաքաղաք մըն է, ուր հաստատուած են Մուսա Լերան 7 գիւղերու գաղթական հայերը։