ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Պաքուի դատախազութիւնը յայտարարեց, թէ աւարտած է լիբանանահայ գերի Վիգէն Էօլճեքճեանի դէմ քննութիւնը եւ գործը ուղարկած է դատարան` «միջազգային ահաբեկչութեան ու վարձկանութեան» յօդուածներով:
Պաքու կը պնդէ, թէ Վիգէնը պատերազմած է Ատրպէյճանի դէմ` դրամական վարձատրութեան դիմաց: Սակայն, անոր հարազատները կը յայտարարեն, թէ ան շատոնց Պէյրութէն Արցախ տեղափոխուած էր, հոն ապրելու նպատակով:
Ցարդ յստակ չէ, երբ պիտի սկսի անցեալ տարուան 10 Նոյեմբերին ձերբակալուած Վիգէնին դատավարութիւնը: