ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուին Արցախի Ազգային ժողովի տարբեր խմբակցութիւններու պատգամաւորներ` Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի գլխաւորութեամբ:
Պատուիրակութեան կազմին մէջ են նաեւ Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Մոսիյեան եւ Դաւիթ Իշխանեան:
4 Մայիսին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեանի եւ Հայաստանի մէջ գործող Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան շտաբի պետ Միքայէլ Վիրապեանի հետ:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ապա այցելեցին նաեւ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր ծաղիկներ զետեղեցին իրենց կեանքը հայրենիքին համար զոհաբերած հայորդիներու շիրիմներուն: