ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին առիթով, Լաս Վեկասի Ամերիկահայ մշակութային ընկերակցութեան հովանաւորութեամբ եւ շրջանի բոլոր հայկական կազմակերպութիւններուն եւ եկեղեցիներուն մասնակցութեամբ, Ապրիլ 24ի երեկոյեան, քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ մոմավառութեամբ հսկում՝ ոգեկոչելով Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն յիշատակը:
Հանդիսավարն էր կազմակերպիչ մարմինի անդամ Հըրմըն Պրում։
Հոգեւոր հայրերու աղօթքէն ետք, Նեւատայի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով խօսք առաւ իրաւաբան Լենա Յովսէփեան, որ ողջունեց նահանգային, գաւառային եւ քաղաքային պաշտօնատարներուն եւ շարք մը հրէական, ասորական եւ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն ներկայութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց փոխնահանգապետ Քէյթ Մարշըլը։
Մարշըլ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Պայտընին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալուն համար եւ յոյժ կարեւոր նկատեց Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը նահանգին վարժարաններուն մէջ։
Ներկայ էին նաեւ քոնկրեսական Տինա Թայթըսի եւ Սիւզի Լիի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Լաս Վեկասի մօտ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Ֆիլիփ Զիատէ։
(Քաղուած՝ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանի հաղորդագրութենէն)