Կազմակերպութեամբ Հայ-ամերիկեան գործարարներու խորհուրդին եւ «Արփա» հիմնարկին՝ «Զում»ի եւ «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ առցանց քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 8 Մայիսին, առաւօտեան ժամը 11էն սկսեալ (Լոս Անճելըսի ժամով), որ նուիրուած է Հայաստանի հիւսուածեղէնի եւ նորաձեւութեան մարզերուն զարգացման նոր ուղիներ գտնելու կարելիութիւններուն:
Քննարկումը պիտի առաջնորդեն՝ Վահան Խաչատրեան, Էլեն Մանուկեան, Գէորգ Պաղտասարեան, Այտա Ղարախանի եւ Դալար Պիլէմճեան։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել https://us02web.zoom.us/j/ 5388322794?pwd= MWJVSU5oTHFnWHJHclcrbDcxMXJiQT09 (Meeting ID: 538 832 2794 Password: 381750) կամ www.facebook.com/ARPAInstitute կայքէջերը:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ հեռաձայնելով (818) 453-0618 թիւին կամ գրելով info@ARPAInstitute.org հասցէին: