ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի կոչին ընդառաջելով, առաւել քան 65 քոնկրեսականներ նամակ մը յղեցին Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին գործողութիւններու յատկացումներու ենթայանձնախումբին՝ պահանջելով, որ 2022ի արտաքին օժանդակութիւններու ծրարով առնուազն 100 միլիոն տոլար տրամադրուի Հայաստանին եւ Արցախին, նպաստելու համար անոնց, որ վերականգնեն Ատրպէյճանի իրագործած յարձակումներուն վնասները։
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին եւ անոնց գործակիցներուն, որոնք այս առաջարկը ներկայացուցին, նպաստելու համար Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներուն դիմագրաւած մարդկային եւ ապահովական տագնապներուն լուծում գտնելու ջանքերուն եւ կասեցնելու համար Ատրպէյճանին տրամադրուող աջակցութիւնը», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան։
Նշենք, որ Հայ Դատի կայքին միջոցաւ, այս նպատակով առաւել քան 50,000 նամակներ յղուած էին քոնկրեսականներուն։
Կը պահանջուին հետեւեալները.
– Անմիջական յաւելեալ աջակցութիւն Արցախին՝ վերակառուցման եւ Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներուն համար.
– Առնուազն 2 միլիոն տոլար տրամադրել Արցախի մէջ չպայթած ռումբերը վնասազերծելու ջանքերուն.
– Տնտեսութեան, կառավարման, ներքին եւ սահմաններու ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն համար 100 միլիոն տոլարի աջակցութիւն.
– Սառեցում Ատրպէյճանին տրամադրուող ապահովական աջակցութեան։
Այս արշաւին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներ Ֆրենք Փալոն, Ճեքի Սփիր եւ Էտըմ Շիֆ։
Քոնկրեսականներուն ցանկը եւ նամակը կարդալու համար այցելել http://asbarez.com/202153
կայքէջը։