ԵՐԵՒԱՆ.- 23 Ապրիլին, Հայոց Ցեղասպանութեան 106րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակէն մեկնարկեց ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:
Հրապարակին վրայ արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ Ապրիլ 24ը սուգի օր չէ այլեւս, այլ արդարութեան կանչ է եւ պահանջատիրութեան ոգի:
«Ապրիլ 24ով մեր ժողովուրդը աշխարհի տարածքին կ՛իջնէ փողոց` աշխարհին յիշեցնելու իրենց պարտքը հայութեան նկատմամբ, աշխարհին յիշեցնելու, որ հայ ժողովուրդը ունի մէկ մեծ դատ, որմէ երբեք պիտի չհրաժարի՝ յարատեւ պայքար մինչեւ ամբողջական հայրենիքի կերտումը» ըսաւ ան:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յիշեցուց, որ քանի մը օր առաջ նշեցինք մեծագոյն ոճրագործ Թալէաթի սպանութեան 100ամեակը` այդպիսով անգամ մը եւս շեփորելով այն իրողութիւնը, որ երբ աշխարհը կը թքնէր արդարութեան երեսին, երբ աշխարհը կ՛անտեսէր մեր միլիոնաւոր Նահատակներուն կանչը, երբ աշխարհը ոճրագործ ցեղախումբի ոճրագործ ղեկավարները չէր կանգնեցներ արդար դատաստանին առջեւ, հայ ժողովուրդը` ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովի որոշումով, վճռեց ի՛նք տալ իր ազգի լաւագոյնը՝ իբրեւ վրիժառու բազուկներ, որպէսզի մէկ առ մէկ զգետնեն այդ ճիւաղները:
https://www.youtube.com/watch?v=PHthQUnN-Ow
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ այլեւս Ապրիլ 24ը լացի ու ողբի օր չէ, վերջին 60-70 տարիներուն անիկա եղաւ մեր ժողովուրդի զարթօնքի նախանշանը․ 60ականներէն ետք յարութիւն առաւ մեր ժողովուրդը եւ իջաւ փողոց Երեւանի ու աշխարհի մէջ` պահանջելով մեր հողերը, ասիկա առաջին ազդանշանն էր, որ մենք Նահատակներու յիշատակումէն կ՛անցնինք դէպի պահանջատիրութիւն:
«60ականներէն ետք՝ 70-80ական թուականներուն, ուժային մեր շարժումը, Հայ Դատի մեր շարժումը խզեց աշխարհին լռութիւնը, եւ անոր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան վրայ, անոր յաջորդեց Արցախի ազատամարտը եւ մեր հայրենիքի անկախութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Եւ այսօր, որքան խորհրդանշական է, որ այդ նահատակ ցեղի անմահ երիտասարդութիւնը հաւաքուած է այստեղ, որպէսզի առաջնորդէ մեզ, որպէսզի անգամ մը եւս մեր յարգանքի տուրքը մատուցենք մեր Նահատակներուն եւ միաժամանակ շեշտենք, որ այլեւս երբեք Ցեղասպանութիւն պիտի չտեսնենք, երբեք պիտի չպարտուինք եւ ամէն գնով պիտի աշխատինք, որ վերակերտենք մեր արժանապատուութիւնը եւ վերականգնենք մեր ամբողջական Հայաստանը», ըսաւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ջահերով երթին ընթացքին, երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշները՝ «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով, ինչպէս նաեւ «Մա՛հ թուրքերուն» կոչերով:
Անկէ ետք հազարաւոր երիտասարդներ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած պետութիւններու դրօշները բարձրացուցած՝ հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը` ամբողջ գիշեր խնկարկելու անմեղ եւ սրբադասուած Նահատակներուն յիշատակը:
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը հասած երթին հազարաւոր մասնակցողները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Մեծ Եղեռնի աւելի քան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ խոնարհեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներուն դրօշները: Երթին մասնակցողները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:
Ստեփանակերտի Մէջ՝ Ջահերով Երթ