Պատրաստեց՝ ԳԷՈՌԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Աղպաշեան Համբարձում, «Իրաքահայոց Արդի Պատմութիւնը». յառաջաբանը՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննէսեանի, Yerevan Printing, Լոս Անճելըս, 2021, 400 էջ (16 x 24 սմ.) (525 լուսանկար), արաբերէն: Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր զէյթունցի հօր՝ Մինաս Աղպաշեանի յիշատակին:
– Գալփագեան Յովհաննես (անունը այսպէս սխալ տպուած է), «Ռումանահայ Գաղութը», վերահրատարակութիւն 1979ին Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց վանքէն լոյս տեսած գիրքին. խմբագրեց, սրբագրեց, ծանօթագրեց, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկերը կազմեց Հեթում քահանայ Թարվերդեան, Երեւան, 2021 (բազմաթիւ լուսանկարներ): Հրատարակուած է Միացեալ Նահանգներու էջմիածնական արեւմտեան թեմի «Փոքրիկ Հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ Արցախեան երկրորդ պատերազմին նահատակուած հայ զինուորներուն:
– Եսայեան Զապէլ, «Ժողովուրդի Մը Հոգեվարքը (Աքսորեալ Հայերը Միջագետքի Մէջ)». կազմող, յառաջաբանի եւ ծանօթագրութիւններու հեղինակ՝ Անուշաւան Զաքարեան, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, «Էդիթ Պրինտ» ՍՊԸ տպարան, Երեւան, 2020, 180 էջ (14,4 x 20,5 սմ.) (Մեծ Եղեռնի ականատես վկայ Հայկ Թորոյեանէն հայ գրագիտուհիին գրառած եւ Պաքուի «Գործ» ամսագիրի 1917 թուականի 2րդ եւ 3րդ թիւերուն մէջ լոյս տեսած նիւթը, ընդարձակ յառաջաբան, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Տպագրուած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:
– Զաքարեան Անուշաւան, «Ռուս Կոմպոզիտոր Թոմաս Հարտմանը Եւ Կոմիտասը», խմբագիր՝ Աննա Ասատրեան, ՀՀ ԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2019, 108 էջ (14,4 x 20,3 սմ.), ռուսերէն եւ հայերէն ոչ-նոյնական նիւթեր (լուսանկարներ, յաւելուած, հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Գիրքը լոյս տեսած է Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակին առթիւ:
– «Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակ – Գիտաժողովի Նիւթեր (21-23 մարտ 2018)», խմբագիր՝ Աշոտ Մելքոնեան, «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչական հիմնադրամ թիւ 14, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 575 էջ (Լիբանանի հայոց երեք հոգեւոր պետերուն խօսքերը եւ գիտաժողովին հնչած 33 զեկուցումները, լուսանկարներ համագումարէն): Հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
– «Նիկոլ Դուման. Նամականի», հրատարակութեան պատրաստութիւն, խմբագրութիւն եւ ծանօթագրութիւններ՝ Երուանդ Փամպուքեանի, Նիկոլ Դումանի մասին ակնարկը՝ Խաչատուր Ստեփանեանի, «Վէմ» մատենաշար թիւ 3, «Լուսակն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2021, 336 էջ (16,5 x 23,4 սմ.) (Նիկոլ Դումանի գրած 132 նամակներ, յետ մահու լոյս տեսած նիւթեր, երկու յաւելուած, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր, ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ): «Հատորը կը տպագրուի հովանաւորութեամբ ընկեր Նազարէթ Պարսումեանի, ի յիշատակ Հրայր Մարուխեանի»:
– Նոկալէս Մենտէզ Ռաֆայէլ տը, «Չորս Տարի Մահիկի Տակ», ռուսերէնէ արաբերէնի թարգմանութեան վերատեսութիւնը՝ Հուրի Ազէզեանի, «Խաչիկ Պապիկեան« հրատարակչական հիմնադրամ թիւ 15, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2021, 534 էջ (Մեծ Եղեռնի ժամանակ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած եւ հայոց դէմ վայրագութիւններուն մասնակցած վենեզուելացի վարձկանին յուշերը), արաբերէն:
– Պետրոսեան Մելքոն, «60 Տարի Ետք Յուզումը Դեռ Կը Խեղդէ Զիս, 1905-1918 – Սարըլարէն Այնթուրա Տարագրութեան Պատմութիւնը», ֆրանսերէնէ թարգմանեց Շանթ Մարճանեան, «Hemispheres Maisonneuve & Larose» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2021 (Լեռնալիբանանի Այնթուրա գիւղին մէջ հաստատուած եւ հայ 1200 որբերու թրքացման նպատակը հետապնդած Խալիտէ Էտիպի տնօրինած որբանոցի հայ սանի մը յուշերը), ֆրանսերէն:
– Ռապինզ Ճէյմզ, «Երբ Արթուն Կը Մեռնինք – Աւստրալիան, Նոր Զելանտան Եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը», «I. B. Tauris» հրատարակչութիւն (Լոնտոն – Նիւ Եորք), Նոյեմբեր 2020, 280 էջ (15,6 x 23,4 սմ.), անգլերէն:
– Տոլմաճեան Մորիս, «Ցեղասպանութենէն Մինչեւ Աքսոր», «Գիրք Փապլիշինկ» հրատարակչութիւն, Փետրուար 2021, 375 էջ (16 x 24 սմ.), ֆրանսերէն, (պատմավէպ. քանի մը հայ ընտանիքներու հաւաքական կեանքը, իթթիհատականներու իշխանութեան գալը, տարագրութիւն դէպի Ռաս ուլ-Այնի մահուան ճամբարներ, Ֆրանսա հաստատում):
– Քիէզեր Հանս-Լուքաս, «Թալաաթ Փաշա. Իթթիհատականներու Ուղեղը, Ցեղասպանութեան Ճարտարապետը», թարգմանիչ՝ Այթեն Ալքան, «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2021, 408 էջ (15 x 21,5 սմ.), թրքերէն:
– Քուրթ Իւմիթ, «Այնթապի Հայերը. Ցեղասպանութեան Տնտեսութիւնը Օսմանեան Նահանգի Մը Մէջ», «Հարվըրտ» համալսարանի հրատարակչութիւն, Նիւ Եորք, 2021, 400 էջ (15,5 x 23,2 սմ.) (Այնթապ նահանգին օրինակին հիման վրայ, հեղինակը կը հաստատէ, թէ հայոց ունեցուածքին տիրանալու մոլուցքը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր խթաններէն մէկը, 15 լուսանկարներ, 10 աղիւսակներ, 2 քարտէսներ), անգլերէն: