ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները չեն բացառեր վերացումը Թրամփի վարչակազմին կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած այն պատժամիջոցներուն, որոնք կը հակասեն 2015ին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրի դրոյթներուն, յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս:
Նշենք, որ այս շաբաթ, Վիեննայի մէջ բանակցութիւններ վերսկսան, Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն միջեւ, եւրոպացի եւ չինացի դիւանագէտներու միջորդութեամբ, հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու նպատակով։