ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ»․- Թուրքիա կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ նեղուցներու կարգավիճակին մասին 1936ին կնքուած Մոնթրոյի ուխտին եւ կը գիտակցի անոր օգուտներուն, յայտարարեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան՝ աւելցնելով․ «Հաւատարիմ պիտի մնանք այս համաձայնագիրին, մինչեւ որ աւելի լաւ կարելիութիւններ գտնենք»:
Անդրադառնալով իր կողմէ առաջ մղուող Պոլսոյ ջրանցքի կառուցման ծրագիրներուն վերաբերեալ քննադատութիւններուն՝ ան ըսաւ․ «Պոլսոյ ջրանցքին շնորհիւ Վոսփորի մէջ պիտի խթանուի ծովային նաւարկութիւնը եւ Մոնթրոյի ուխտով ստանձնած պարտաւորութիւններուն կողքին, Թուրքիա իր գերիշխանութեան տակ այլընտրանք պիտի ունենայ: Ասիկա պայքար է մեր գերիշխանութեան համար»:
Նշենք, որ շաբաթասկիզբը հանգստեան կոչուած 10 թուրք ծովակալներ ձերբակալուեցան, որովհետեւ 93 նախկին սպաներու կողքին ստորագրած էին բաց նամակ մը՝ քննադատելով Պոլսոյ ջրանցքի ծրագիրը:
Թուրքիոյ դատախազութիւնը հրամայած էր հետաքննութիւն կատարել բաց նամակին շուրջ՝ պնդելով, որ նախկին ծովակալները «յեղաշրջումներու ոճով» սուր քննադատութեան ենթարկած էին Թուրքիոյ ներքին հարցերը:
Ծովակալները իրենց նամակին մէջ զգուշացուցած էին չտալ որեւէ որոշում, որ կրնայ վտանգել Մոնթրոյի միջազգային ուխտը, որով կը կարգաւորուի Վոսփորի նեղուցին մէջ նաւերու երթեւեկը, ինչպէս նաեւ ելեւմուտը Սեւ ծով, եւ որ, ըստ ծովակալներուն, Թուրքիոյ արտօնեց չէզոքութիւն պահպանել Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին եւ, ընդհանուր առմամբ, կ՛ապահովէ Սեւ ծովուն մէջ խաղաղութիւնը: