Վէճերը այդքան երկար պիտի չտեւէին եթէ յանցանքը մէկ կողմի ըլլար:
Ֆրանսուա տը լա Ռոշըֆուքօ
Յ. Պ.
Թիւերու լեզուն, եթէ կեղծուած չէ, վիճելի չ՛ըլլար: GALLUP հարցախոյզի միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի ներկայացուցչութեան հրապարակած թիւերը հայաստանեան ներկայի անհաճոյ պատկերը կը ներկայացնեն:
15էն 17 Փետրուար կատարուած հարցախոյզը կու տայ Հայաստանի հանրային կարծիքի շողանկարը: Ի հարկէ, հանրային կարծիքը միշտ փոփոխական է, եւ Փետրուարէն Ապրիլ կարծիքները կը փոխուին:
Բայց տրուած թիւերը, ներսի եւ դուրսի մտահոգ եւ հետաքրքրուող հայը պէտք է մղեն մտածելու ընելիքի մասին:
Առաջին տպաւորութիւն. ոչ մէկ «ղեկավար» միջինէն վեր, կէսէն աւելի, դրական գնահատանք ունի: Նիշ տրուած է 10ի վրայ.
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ 2․8 կէտ
Նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ 2․3 կէտ
Առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան՝ 1․7 կէտ
Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան 2 կէտ
Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ 1․7 կէտ
«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան՝ 2․2 կէտ
«Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Էտ. Մարուքեան՝ 1․8 կէտ
«Մայր Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեան՝ 1․5 կէտ
«Հայաստանի Փրկութեան շարժման» առաջնորդ Վազգէն Մանուկեան՝ 1․6 կէտ
ՀՅԴի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան՝ 1․6 կէտ։
Ըստ արդիւնքին, 58 տոկոսին համար արտահերթ ընտրութիւնները անհրաժեշտ են:
Այն հարցումին, որ ընտրութիւնները եթէ կայանան յառաջիկայ Կիրակի, ո՞ր կուսակցութեան կը քուարկեն.
«Իմ Քայլ»ը՝ 33․1 տոկոս
«Բարգաւաճ Հայաստան»՝ 4․4 տոկոս
«Լուսաւոր Հայաստան» ՝ 2․6 տոկոս
Հանրապետական՝ 2․2 տոկոս
ՀՅԴ՝ 2․2 տոկոս
«Մայր Հայրենիք»՝ 0․9 տոկոս
Հանրապետութիւն՝ 0․7 տոկոս
«Սասնայ Ծռեր»՝ 0,4 տոկոս
«Քաղաքացիական Որոշում»՝ 0․2 տոկոս
Անհատական պատասխաններ.
Ռոպերթ Քոչարեան՝ 5․6 տոկոս
Վազգէն Մանուկեան՝ 0․9 տոկոս
Ոչ ոքի՝ 27․2 տոկոս։
Շուրջ 40 տոկոսը կը տատամսին, չի տեսներ կուսակցութիւն մը որուն ուզէ քուէարկել,
38․8 տոկոս կը խորհի, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է շարունակէ վարչապետի պաշտօնը, 43․6 տոկոս կը խորհի, որ Նիկոլ Փաշինեան պէտք է հրաժարի, 17․6 կը դժուարանայ պատասխանել։ 35 տոկոսը, ըստ 13 Նոյեմբերի հարցախոյզի մը, կ՛ըսէր, թէ Փաշինեան պէտք է հրաժարէր։
Ինքզինքս կը գտնեմ ողջախոհական խնդրի մը առջեւ: Հայաստան արձանագրուած են 91 եւ աւելի կուսակցութիւններ, որոնց 80ի հետքն անգամ չկայ GALLUPի հարցախոյզի արդիւնքին մէջ: Ո՞ւր են այդ կուսակցութիւնները, ի՞նչ բանի կը ծառայեն կամ կրնան ծառայել: Ինչո՞ւ ստեղծուած են: Տարօրինակը այն է, որ անոնք կը խօսին, կը գրեն, տեղ ունին լրատուամիջոցներուն մէջ, կարծէք նոյնիսկ կը քաջալերուին: Ամէն անգամ, որ անձ մը «դժգոհութիւն» ունենայ կամ «լուսաւոր գաղափար մը» յղանայ, եթէ ինքզինք առաքեալ, մեսիա համարէ եւ կուսակցութիւն հիմնէ, քաղաքական կեանքի խառնակութիւնը եւ խառնաշփոթը կը շեշտուի: Բնական հետեւութիւնը կ՛ըլլայ այն, որ անկարելի կ՛ըլլայ երկիրը կառավարել:
Այս ընթացքով անկարելի կ՛ըլլայ ճշմարիտ քաղաքական վիճարկումը, կը խոչընդոտուին վերականգնումի նախաձեռնութիւնները: Իւրաքանչիւրը իր ծրագրով իր շուրջ համախոհներ պիտի խմբէ։ Այդ ընելու ու արեւուն տակ տեղ ունենալու համար պիտի քննադատէ միւսները, մրցակցութիւն՝ որ բնական է ժողովրդավարութեան մէջ: Անբնական է չափազանցութիւնը: Կրնա՞ք երեւակայել կացութիւնը, երբ այդ 80 կուսակցութիւններն ալ հարցախոյզին մէջ տեսնուին, եթէ նիշ տալու եղանակը 10էն վերածուի… 1000ի, եւ ըսուի, որ այս կամ այն կուսակցութիւնը կը յաւակնի ունենալ ձայներու 1000էն 1ը կամ 2ը, 3ը, 4ը…
Այս կացութիւնը ինծի կը յիշեցնէ Անգլիոյ մէջ միութեան մը պարագան, որ կը կոչուէր Պեխը ածիլածներու միութիւն…
Եթէ նպատակ է հանրային ծառայութիւնը, այսօր՝ Հայաստանի վերականգնումը, տարտղնումով ինչպէ՞ս հզօրութիւն կը ստեղծուի: Կուսակցութիւն մը եսերու բաւարարութիւն տալու կոչուած կրպակ չէ: Հարիւրեակ մը կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը խղճով ինքնիրեն հարց պէտք է տայ, թէ ի՞նչ է իր տարբերութիւնը միւս 99էն, ո՞ր մէկուն հետ տարակարծիք ըլլալու պատճառներ չկան…
Եթէ երկրին առջեւ ծառացած հիմնահարցերու լուծման համար հինգ ճանապարհներ կան, թերեւս երկու, կամ մէկ, ըստ այնմ պէտք է խմբուիլ:
Կուսակցութիւնները կառավարման եւ խնդիրներու լուծման պէտք է ծառայեն, ոչ եսի, ինչ որ տուեալ կուսակցութիւնը վաղ թէ ուշ կը տանի վարկաբեկման:
Հարիւրեակ մը կուսակցութիւններով կարծէք հազար տարի ետ գացած ենք եւ կը ձգտինք վերակենդանացնել աւատապետական դրութիւնը:
Կրկին կարդալ պատմահայր Խորենացիի ՈՂԲԸ. «Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ, հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն. զի բարձաւ թագաւոր եւ քահանայ, խորհրդական եւ ուսուցող. վրդովեցաւ խաղաղութիւն, արմատացաւ անկարգութիւն. դրդուեցաւ ուղղափառութիւն, կայկայեցաւ տգիտութեամբ չարափառութիւն»:
Այս երէ՞կ էր…
Խորենացին մեր ժամանակակի՞ցն է…
3 Ապրիլ 2021
Նուազի-լը-Կրան
Նկար
0408Gallup-logo.jpg