ԲԺՇԿՈՒՀԻ ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Երեքշաբթի, 30 Մարտի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Գամիշլիի Ազգային Եփրատ նախակրթարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին կազմակերպած տարեկան ցուցահանդէսը՝ ներկայութեամբ պետական եւ կրթական պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ աշակերտներու ծնողներուն: Յայտագիրը ընթացք առաւ ելոյթովը խումբ մը աշակերտներու, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկայ հիւրերուն, ապա անոնք երգերով, պարերով եւ կանչերով յայտագիրը հարստացուցին ու ուրախ մթնոլորտ ստեղծեցին: Այնուհետեւ վարժարանի տնօրէնուհի փաստաբան Լուսին Աւետիսեան առաջնորդեց պատասխանատու հիւրերը ցուցահանդէսի սրահը, ուր ձեռային աշխատանքի ուսուցչուհի Թամար Շարոյեան-Սարգիսեան ներկայացուց աշակերտներուն աշխատանքը: Աւարտին տնօրէնութիւնը եւ կրթական պատասխանատուները հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, լուսարձակի տակ առնուեցան երկրին ներկայ դժուար պայմանները եւ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները: