ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հրապարակեց աշխարհի տարածքին մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան 2020ի զեկոյցը:
Հայաստանի վերաբերող բաժինին մէջ անդրադարձ կայ դատական համակարգի թերութիւններուն եւ Արցախի պատերազմին:
Հոն կը նշուի, որ Պաքու Թուրքիոյ օգնութեամբ «վերականգնած է հսկողութիւնը 1994ին կորսնցուցած շրջաններուն վրայ» եւ թէ պատերազմը աւարտած է Մոսկուայի միջնորդութեամբ: Կը նշուի, որ թէ՛ հայերը եւ թէ ատրպէյճանցիները պատերազմին ընթացքին կատարած են ապօրինի մահապատիժներ եւ արգիլուած զինատեսակներ գործածած են, իսկ կողմերուն ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած են քաղաքայիններ:
Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ արգիլուած են չարչարանքները, անմարդկային վերաբերմունքը եւ անձի նուաստացումը, սակայն, ըստ որոշ հաղորդագրութիւններու, իրաւապահները դիմած են նման արարքներու եւ չեն պատժուած:
«2018ի իշխանափոխութենէն ետք իրաւապահ համակարգը չէ բարեփոխուած, այլ միայն ղեկավար կազմը փոխուած է, որուն հետեւանքով, ըստ իրաւապաշտպաններուն, անցեալին կատարուած յանցանքներու գծով քրէական հետապնդում չէ եղած: Տարուան ընթացքին տեղի ունեցած են ապօրինի ձերբակալութիւններ: Լուրջ հարց է նախնական բանտարկութեան երկար ժամկէտը:Կայ նաեւ քրէական ենթամշակոյթի` «օրէնքով գողերու» հարցը», նշուած է զեկոյցին մէջ, որ կ՛եզրակացնէ․ «Հանրութեան վստահութիւնը դատաւորներու նկատմամբ կը շարունակէ նուազիլ։ Դատական համակարգը անկախ եւ անկողմնակալ չէ: Արդարադատութեան ոլորտին մէջ կը մնան մեծ թիւով պաշտօնեաներ, որոնք ծառայած են նախկին իշխանութիւններուն եւ կ՛արձակեն անոնց համար բացառապէս բարենպաստ վճիռներ»:
Զեկոյցին մէջ կայ անդրադարձ մամուլին եւ կը յիշատակուի նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի յարձակումը «Ազատութեան» լրագրողներուն վրայ, որոնք կը փորձէին բացայայտել Սեւանի ափին ապօրինի կառուցուած դղեակներու գայթակղութիւնը:
Այլ միջադէպ մը կապ ունի «Երկիր Մեդիա»ի անձնակզմի անդամ Հայկ Սուքիասեանը ձերբակալելու՝ ոստիկաններու փորձին հետ, որ օրին դատապարտուեցաւ լրագրողներու իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւններուն կողմէ:
Կը նշուի նաեւ, որ Հայաստանի մէջ համացանցը ազատ է եւ թէ երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներու մասին հաւաստի տեղեկութիւններ չկան: