ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Միքայէլ Վարանդեան, բուն անունով Միքայէլ Յովհաննիսեան, ծնած է 1874ին, Ղարաբաղի Վարանդա գաւառին մէջ, ուրկէ կու գայ իր ծածկանունը՝ Վարանդեան: Ան միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Շուշիի դպրոցին մէջ եւ աշակերտական տարիքէն արդէն տարուած է ժամանակի յառաջդիմական յեղափոխական գաղափարներով:
Ութսունական թուականներու վերջերուն, ան կ՛երթայ Զուիցերիա ուսանելու եւ շուտով կը դառնայ ժնեւի հայ ուսանողական շրջանակի գործօն անդամներէ մէկը: Վարանդեան համալսարանի մէջ կը հետեւի ընկերային ու քաղաքական գիտութիւններու: Առանձնապէս զինք կը հետաքրքրեն ընկերվարութեան հետ կապուած խնդիրները: Ան կը հետեւի դասախօսութիւններու գերմանական համալսարաններու մէջ, յատկապէս ժամանակի նշանաւոր ընկերաբաններէն:
Երբ 1892ին Ժընեւ եկաւ Ռոստոմը եւ հիմնեց «Դրօշակ»ը, Վարանդեան, Սիմոն Շխեանի հետ, դարձաւ անոր սերտ գործակիցը, համալսարանական աշխատանքներէն դուրս ազատ ժամանակը տրամադրելով գրական աշխատանքի: Միեւնոյն ժամանակ, ան կ՛աշխատակցէր Արասխանեանի «Մուրճ»ին եւ «Մշակ»ին, EGO ծածկանունով:
1895ին Ռոստոմ հեռացաւ Ժնեւէն եւ «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը վարեց Յոնան Դաւիթեանը: Վարանդեանը աւելի գործօն կերպով կապուեցաւ «Դրօշակ»ին՝ երբեմն նաեւ փոխարինելով Յոնանին, որպէս խմբագիր: Այլեւս ան կը կատարեր կազմակերպական աշխատանք՝ խմբագրութեան կողմէ թղթակցելով արտասահմանեան մարմիններու ու ընկերներու հետ:
1897ին լրացնելով ուսման շրջանը, Վարանդեան, այդ օրերուն Պուլկարիոյ մէջ եռուն գործունէութեան լծուած Ա. Վռամեանի առաջարկութեամբ, անցաւ Ռումանիա որպէս դաշնակցական գործիչ։ Սակայն հոն չկրցաւ երկար մնալ եւ մատնութեան հետեւանքով ձերբակալուեցաւ Ռումանական կառավարութեան կողմէ եւ հեռացուեցաւ երկրի սամաններէն դուրս:
Վերադառնալով Ժընեւ, Վարանդեան, 1898ին որոշ ժամանակ վարեց «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնը մինչեւ Քրիստափորի Ժընեւ հասնիլը։ Նոյն տարուան վերջերը Քրիստափոր անոր մնայուն կերպով կապեց «Դրօշակ»ի հետ, եւ այնուհետեւ, մինչեւ առաջին համաշխարհային պատերազմը, փոքրիկ ընդհատումներով, Վարանդեան մնաց «Դրօշակ»ի մէջ, մերթ իբրեւ խմբագրութեան անդամ եւ մերթ խմբագրատան ամբողջ աշխատանքը տանելով առանձնաբար: 1899էն սկսեալ, «Դրօշակ»ի գրեթէ ամէն համար ունի Վարանդեանի այս կամ այդ բնոյթի գրուածքներ՝ խմբագրական, տեսութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, կենսագրականներ, բանավէճ հակառակորդի հետ, երկրի թղթակցութիւններու վերամշակում, ընթացիկ տեղեկութիւններ: Քրիստափորի մահէն յետոյ, «Դրօշակ»ը լեցնող ու խմբագրող, երբեմն միակ ուժը կ՛ըլլայ Վարանդեան: «Դրօշակ»ի մէջ տպուած անոր գրուածքներու կարեւոր մէկ մասը յետոյ լոյս կը տեսնէ առանձին հատորներով, ինչպէս՝ «Հայկական Շարժման Նախապատմութիւնը» եւ «Հոսանքներ»:
Խմբագրական եւ գրական գործերէն զատ Վարանդեան կ՛աշխատեր նաեւ հայկական քարոզչութեան մարզին մէջ՝ դասախօսութիւններով, յօդուածներով եւրոպական մամուլի «Pro Armenia»ին մէջ, համաժողովներու մէջ ներկայացնելով ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւ որպէս Արեւմտեան Բիւրոյի անդամ՝ մասնակցելով կուսակցութեան ընթացիկ կեանքին:
1905ի ռուսական յեղափոխութենէն յետոյ, Վարանդեան կը մեկնի Կովկաս եւ որոշ ժամանակ կ՛աշխատի «Յառաջ» եւ այլ թերթերու խմբագրական կազմերուն մէջ: Այդ օրերուն անոր գրիչէն դուրս եկաւ «Դաշնակցութիւնը Եւ Նրա Հակառակորդները» գրքոյկը եւ շարք մը սուր բանավէճային յօդուածներ, որոնք ուժեղ տպաւորութիւն գործեցին հասարակութեան մտքերուն վրայ. մանաւանդ երիտասարդութիւնը յափշտակութեամբ կը կարդար անոր յօդուածները:
1907ին մեկնելով Վիեննա, ՀՅԴ չորրորդ Ընդհանուր ժողովին, Վարանդեան այլեւս չվերադարձաւ Կովկաս: Ակնունիի հետ ան խմբագրեց Դաշնակցութեան նոր ծրագիրը՝ չորրորդ Ընդհանուր ժողովի կողմէ ընդունուած սկզբունքներու համաձայն: Ապա յաջողեցուց Դաշնակցութեան Ընկերվարական Միջազգայնականին անդամ դարձնելու ջանքը եւ մասնակցեցաւ Ընկերվարական Միջազգային համագումարին, Շթութկարթի մէջ, իբրեւ Դաշնակցութեան պատգամաւոր: Օսմանեան սահմանադրութենէն յետոյ, կարճ ժամանակով մը ան այցելեց Պոլիս՝ իր բաժինը բերելով նաեւ նորազատ Թուրքիոյ հայութեան մտաւորական կեանքին:
Այնուհետեւ, Վարանդեան, մինչեւ 1915 մնաց Եւրոպա, որպէս «Դրօշակ» խմբագիր եւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, ապա որպէս գործակից Պօղոս Նուպար փաշայի պատուիրակութեան: 1915ին որոշ ժամանակի մը համար անցաւ Կովկաս եւ վարեց «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը: Վերադառնալով Եւրոպա, ան գործակցեցաւ Ազգային պատուիրակութեան հետ, մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը, որմէ ետք նշանակուեցաւ Հայաստանի դեսպան՝ Հռոմի մէջ: Թէ որպէս դեսպան եւ թէ իբրեւ Ընկերվարական Միջազգայինի ներկայացուցիչ Վարանդեան շարունակեց քաղաքական աշխատանքը Եւրոպայի մէջ, համագործակցելով Հայաստանի Հանրապետութեան Փարիզի պատուիրակութեան հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորտակումը եւ մանաւանդ, Լօզանի չարաղէտ դաշնագիրը ծանր կերպով ազդեցին Վարանդեանի հոգեկան վիճակին ու առողջութեան վրայ: Թէեւ ան շարունակեց կուսակցական աշխատանքը, բայց անոր նախկին կորովը չէր մնացած: Ան լոյս ընծայեց ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան նուիրուած գործին առաջին հատորը, Մուրատի եւ Զաւարեանի կենսագրութիւնները, անընդհատ աշխատակցելով մեր մամուլին, բայց ոչ առաջին շրջանի ուժով ու փայլով:
Վարանդեանին համար առանձնապէս ծանր հարուած կ՛ըլլայ Ահարոնեանին պատահած դժբախտութիւնը՝ Համազգայինի Մարսէյլի հանդէսին: Ահարոնեանին հետ ան կապուած էր ընկերական կապերով, եւ մասամբ իր խորհուրդով Ահարոնեանը ընդունած էր բանախօսելու հրաւէրը: Ահարոնեանի կաթուածէն յետոյ, Վարանդեանը այլեւս երկար չապրեցաւ եւ մահացաւ 1934ին, Ապրիլ 22ին, սրտի կաթուածով:
Ընդարձակ էր Վարանդեանի հետաքրքրութեան սահմանը, բայց անոր գլխաւոր եւ մնայուն արժէքը գրականութեան մէջ էր, յատկապէս հրապարակագրութեան: Անոր պատմական հատորներն ալ, մեծ չափով, հրապարակագրական բնոյթ կը կրէն: Ան գերազանցապէս քարոզիչ էր, բանավիճող ու պայքարող: Դիւրասահ եւ թեւաւոր ոճով, խանդավառ թռիչքներով ու վիպապաշտ ոգիով համակուած անոր երկերը ամբողջ սերունդներ ոգեւորած են: Եւ այսօր ալ, դեռ մեր երիտասարդութիւնը մեծ չափով Վարանդեանի գործերով է, որ դաշնակցական դաստիարակութիւն կը ստանայ, ինչպէս Ահարոնեանի գեղեցիկ գրականութեան միջոցով: Վարանդեանը իր հրապարակագրութեամբ փառաւորեց Հայկական Ազատամարտը եւ յատկապէս Դաշնակցութեան մեծագործութիւնները: Քնարերգակ հրապարակագիր էր Վարանդեանը՝ մտքով գիտուն եւ սրտով բանաստեղծ, հայրենապաշտ ու հերոսապաշտ: Եւ որպէս այդպիսին, ան մնայուն տեղ ունի հայ յեղափոխական դարաշրջանի պատմութեան մէջ: