ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդը 20 Մարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ նոյն օրը տեղի ունեցաւ Շարժման խորհուրդի նիստը:
Քննարկելով ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը` «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ի խորհուրդը կը վերահաստատէ, որ պիտի շարունակէ նոյն ձեւաչափով գործունէութիւնը` օրակարգի վրայ ունենալով նախապէս յայտարարուած դիրքորոշումները: