ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ազգային ժողովի «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան 2 Մարտին հանդիպում ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ։
«Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ Մարուքեան գրած է, որ նախագահին հետ քննարկեց երկրին մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալու միջոցները, արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու հարցը, ինչպէս նաեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու միջոցով կիսանախագահական կառավարման ձեւին անցնելու նպատակայարմարութիւնը։
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Է. Մարուքեան նաեւ յայտնեց, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պիտի քննարկեն արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպելու հարցը:
«Առաւօտեան ինձ հետ կապ է հաստատել վարչապետը, առաջարկել է հանդիպում` քննարկելու այն ամէնը, ինչի մասին մենք հիմա խօսում ենք: Ես համաձայնութիւն եմ տուել: Ենթադրում եմ, որ վաղը կը հանդիպենք: Երբ կը հանդիպենք, կը քննարկենք ամբողջութեամբ բոլոր առաջարկները եւ ինչ եզրայանգում կը լինի` դուք կ՛իմանաք», նշեց ան, որ նաեւ նշեց, որ հանդիպման ընթացքին վարչապետէն ապացոյցներ պիտի պահանջէ Օննիկ Գասպարեանի հասցէին հնչող մեղադրանքները փաստող։ «Ես` որպէս ՀՀ քաղաքացի, որպէս խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար, ապացոյցներ եմ պահանջելու վարչապետից, որ ոչ թէ ինձ ներկայացնի, այլ հրապարակի այդ ապացոյցները», ըսաւ Մարուքեան։