
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը եւ հաստատեց, որ կը հեռանայ Հայաստանէն:
«Առաւել քան մէկ տարի այժմու կառավարութեան տուած խոստումներուն սպասելէ ետք, ստիպուած եղայ տալ դժուար որոշում մը եւ հեռանալ հարազատ երկրէս». կը յայտնէ Արոնեան՝ աւելցնելով. «Կը միանամ Միացեալ Նահանգներու հաւաքականին»: