ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 26 Փետրուարին այցելեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ ընդհանուր հրամանատար Օննիկ Գասպարեանի հետ:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը: