ԹԵՀՐԱՆ.- Թեհրան Հայաստանի մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ըրաւ՝ զերծ մնալու բռնութենէ եւ զսպուածութիւն դրսեւորելու: «Սփութնիք Արմէնիա»ն կը հաղորդէ, որ նշեալ յայտարարութիւնը կատարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ, որ նաեւ յայտարարեց, որ Իրան ուշադրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ դէպքերու զարգացման:

Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժանիւ լը Տրիան յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ երկխօսութիւն կը սկսի ընդդիմութեան եւ իշխանութիւններուն միջեւ։ «Շատ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու ջանքերը», ըսաւ ան։