ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Աբխազիոյ խորհրդարանը դիմած է Ռուսիոյ` պատրաստակամութիւն յայտնելով մասնակցելու Աբխազիայէն անցնող՝ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային գիծի կառուցման նախագիծին:
Աբխազիոյ խորհրդարանի Միջազգային, միջխորհրդարանական եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի ղեկավար Ասթամուր Լոկուա «Սփութնիք Աբխազիա»ի ըսաւ, թէ Աբխազիա միշտ պատրաստ է հաւասար պայմաններով մասնակցելու շրջանային մեծ նախագիծերուն եւ որովհետեւ Արցախ մէջ պատերազմի աւարտէն ետք շրջանի երկիրները սկսած են քննարկել երկաթուղային հաղորդակցութեան բացման կարելիութիւնը, Աբխազիա պէտք չէ անմասն մնայ անոնցմէ: