ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Արդարադատութեան ոլորին մէջ յաճախ կը գործածուի հետեւեալ օրինակը. «Եթէ խճողուած շարժապատկերի սրահի մը մէջ, ուր հրդեհ չկայ, մէկը՝ «հրդեհ, հրդեհ, դուրս ելէք» ճչայ, եւ սրահէն ճողոպրելու ընթացքին, ստեղծուած իրարանցումին հետեւանքով 5 անձեր մահանան, անոնց մահուան պատասխանատուն ո՞վ է». պարզ տրամաբանութեամբ՝ ստախօսը։
2020ի ընտրութիւններուն մասին սուտերու շարան մը յօրինելով՝ ամբոխները խելագարութեան հասցուցած եւ Քոնկրեսին վրայ յարձակումի առաջնորդած եւ նման ոճիրներու համար պաշտօնազրկումի ու շարք մը իրաւասութիւններու կորուստի պատիժ դիմագրաւող նախկին նախագահ Թրամփ տրամաբանականօրէն պէտք է պատժուէր, սակայն յաճախ նախագահը եւ նախկին նախագահները ուրիշներէն վեր դասող երկրին պահպանողական օրէնքներուն պատճառով, ստախօսը դարձեալ անպարտ ճողոպրեցաւ։
Ծերակոյտին մէջ չգտնուեցան 67 արդարամիտներ, որոնք այս բացայայտ իրողութիւնը տեսնէին։ Անոնց թիւը հասաւ միայն 57ի, ներառեալ 7 հանրապետականներ, ինչ որ որոշ, սակայն շատ դանդաղ բարելաւում է նախորդ դատավարութեան հետ համեմատած։
Մնացեալ 43 անողնայար ծերակուտականները՝ բոլորն ալ հանրապետական, մտահոգ չեն թուիր ըլլալ երկիրը այլամերժներու եւ սպիտակ ազգայնամոլներու ցեղախումբի մը վերածել փորձողներու վայրագ ջանքերով, այլ փաստօրէն միայն վերընտրուելու եւ յաւելեալ հարստութիւն կորզելու մասին կը մտածեն։
Իր կարգին, երկրին օրէնքները ոտնակոխելուն համար երկու անգամ պաշտօնազրկում դիմագրաւած նախկին նախագահը կը շարունակէ նարնջագոյն ակնոցներով տեսնել իրականութիւնները։ Արդարեւ, 57 ծերակուտականներու կողմէ պետութեան դէմ ապստամբութիւն հրահրելու յանցանքով դատապարտուելէ ետք իսկ, ան ինքզինք յաղթական նկատեց՝ պնդելով, թէ «մեր պատմական, հայրենասիրական եւ գեղեցիկ (կարդալ՝ հակասահմանադրական, ազգայնամոլ եւ սպիտակամորթ մեծահարուստներու շահերը պաշտպանող) շարժումը նոր սկսած է»․․․