ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ՝ աւելցնելով, որ անոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Արցախի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներու մշակման գործին մէջ:
«Անլոյծ կը մնայ համապարփակ քաղաքական լուծման հասնելու հարցը, որ ԵԱՀԿի Պուտափեշտի վեհաժողովի (1994) որոշումներով դրուած է Մինսքի խմբակի համանախագահութեան վրայ: Եռեակը կրնայ օգտակար ըլլալ հետագայ քայլերուն, ներառեալ՝ կարգավիճակին վերաբերեալ հարցերու փոխադարձաբար ընդունելի մօտեցումներու մշակումին», ըսաւ Ռուտենքօ: