ԱՆԳԱՐԱ, «Էն.Թի.Վի.».- Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը նախատեսեն ընդլայնել համագործակցութիւնը արցախեան տագնապի լուծման շուրջ, յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու, իր իրանցի գործընկերոջ` Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆի, հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Մենք պէտք է խթանենք զինադադարի դրութիւնը: Այսպիսով, մենք կը նախատեսենք այս ճանապարհին համագործակցիլ «3+3» (Ռուսիա, Ատրպէյճան, Հայաստան, Իրան, Վրաստան, Թուրքիա) ձեւաչափով», ըսաւ Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով. «Հարաւային Կովկասի մէջ կայունացման պարզ ցանկութիւնը բաւարար չէ, եւ համագործակցութեան ընդլայնման միջոցով անհրաժեշտ է հասնիլ կայուն զինադադարի: Այս շրջանին մէջ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը կը բխին բոլորին շահերէն: Անիկա առաւելագոյնս ձեռնտու պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ անոր ժողովուրդին: Հետեւաբար, մենք Հայաստանէն կառուցողական քայլեր կ՛ակնկալենք այս ուղղութեամբ»:
Միւս կողմէ, «Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ Չաւուշօղլու յոյս յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները կը վերադառնայ հիւլէական համաձայնագիրին եւ կը վերացնէ «եղբայրական Իրանի» շրջափակման քայլերը: Ան ըսաւ, որ Զարիֆի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ սուրիական հարցը:
Զարիֆ եւս յոյս յայտնեց, որ շրջանային համագործակցութեան հարթակ կը ստեղծուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Վրաստանի մասնակցութեամբ` աւելցնելով, որ ինք լաւատեսօրէն կը նայի այս գաղափարին: Շրջանային հարցերու շուրջ թուրք-իրանեան համագործակցութիւնը կենսական նշանակութիւն ունի, աւելցուց ան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Պոլսոյ մէջ դռնփակ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Բանակցութիւններուն ներկայ եղած է նաեւ Չաւուշօղլու: