ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը, հաստատելով վերահսկիչ Քաթրին Պարկըրի առաջարկը` որոշեց գիտական հետազօտութիւններու համար անհրաժեշտ գործիքիներ նուիրել Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, որ իր կարգին զանոնք Հայաստանի մէջ այդպիսի սարքերու կարիքը ունեցող կազմակերպութիւններու պիտի փոխանցէ։
Ընկերակցութեան պիտի յանձնուին 12 Medtester 5000c Electrical Safety Analyzer-ներ եւ 27 GE Dinamap շարժական բժշկական գործիքներ։