ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր»․- Ամերիկայի մօտ Հայաստանի դեսպանի դերը չափազանց կարեւոր է` մանաւանդ այս ճգնաժամային պահերուն, յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի խօսնակ Էլիզապեթ Ջուլճեան:
«Գիտենք, որ դիւանագիտական մասնագիտութիւնը կարեւոր է եւ այդ պատճառով, Հայաստանի եւ որեւէ այլ երկրի համար միշտ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ մասնագիտացած անձ մը նշանակուի դեսպան, որպէսզի կարենայ դիւանագիտական այլ պաշտօններու մէջ իր ունեցած տարիներու փորձառութիւնը ի գործ դնել», ըսաւ Ջուլճեան:
Լիլիթ Մակունցը Ամերիկայի մօտ Հայաստանի դեսպան նշանակելուն արձագանգեց նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ գրելով. «Երբ խաղադրոյքները այսքան բարձր են եւ լուրջ ու փորձառու մասնագէտներու անհրաժեշտութիւնը կայ, մենք չենք կրնար առաջնահերթութիւն տալ գործին վրայ աշխատիլ սորվողին,կամ լաւ վարձատրուող եւ չաշխատողը նշանակել բարձր մակարդակի դիւանագիտական պաշտօններու վրայ»:
Ջուլճեան նաեւ նշեց, որ Հայ Դատի յանձնախումբը Հայաստանի զանազան դեսպաններու հետ համագործակցած է։