
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
«Սիրում եմ արիութիւնը գրչիդ, խօսիդ ու սուրիդ»․ Ա. Ահարոնեան
1934ի աշնան, Գարեգին Նժդեհ կը վերադառնայ Պուլկարիա ու կը շարունակէ իր ազգային ու քաղաքական գործունէութիւնը, յատկապէս պայքարելով համայնավարութեան դէմ: Ան սակայն հոն հանգիստ չունէր եւ ժամանակ մը Պերլին մնալէ ետք, կ՛անցնի Խրիմ, ապա հիւսիսային Կովկաս, բայց երբ գերման բանակները կը սկսին նահանջել, կը վերադառնայ Սոֆիա, Պուլկարիա, վերջ տալով իր թափառական կեանքին։
Այդ պատերազմականն դժնդակ տարիներուն Նժդեհ մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ գերմանական բանակին կողմէ գերի բռնուած հայ զինուորներուն, որոնք արդէն կը ճանչնային զինք եւ իրեն հանդէպ ունէին բացառիկ համարում:
Հազիւ հանգիստ կեանքի սկսած, գերմանական պարտութիւնը եւ Եւրոպայի անխոհեմ քաղաքականութիւնը դէպի ստալինեան ծաւալապաշտ եւ քարոզչական ծրագիրները, համայնավարական յեղափոխութիւններ կը սկսին ծայր տալ Պալքաններու մէջ:
1944ի Սեպտեմբեր 9ին համայնավարներու յեղափոխութիւնը կը պայթի Պուլկարիոյ մէջ, այնքան անակնկալ եւ այնքան ներքնապէս պատրաստուած, որ արդէն իսկ երկրին բոյն դրած եւ հակահիթլերական քաղաքականութեան բուռն կողմնակիցները իշխանութեան գլուխ գալով, խիստ հսկողութեան տակ կ՛առնէն եւ ստալինեան բռնապետական գործելակերպով կը սկսին հալածանքներու եւ հակակշռի տակ առնել մասնաւորաբար երկրի սահմանները եւ հետեւիլ բոլոր անոնց, որոնք անբաղձալի տարրեր եղած են եւ թոյլ չտալ, որ անոնք փախուստ տան իրենց ճանկերէն: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային լռելեան: Եթէ Յեղկոմը Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գալով, անմիջապէս սկսաւ հալածել բոլոր նախկին ղեկավարները, Պուլկարիոյ մէջ կը պատահի հակառակը․ 5 կամ 6 ամիս անոնք ժողովրդային խաւէն լուռ կը կատարէն իրենց աշխատանքները:
Պուլկարիոյ մէջ եւս կային ուխտեալ համայնավարներ, որոնք հաւատաւոր գործիչներ էին եւ յատկապէս Նժդեհին դէմ ունէին սոսկալի ատելութիւն, մնայուն կերպով կը ջանային հրահրել իշխանութիւնը՝ Նժդեհն ու իր ընկերները հետապնդելու, ձերբակալելու ու պատժելու: Այս կացութեան իրազեկ ըլլալով, Նժդեհ ամիսներով թաքնուած կը մնայ, խուսափելու համար ձերբակալութենէն: Իր հաւատարիմ ընկերներն ու համակիրները իրենց կարելին չէն խնայեր Նժդեհը հեռու պահելու համայնավար ճիրաններէն, բայց Նժդեհ, տեսնելով, որ հնարաւոր չէ այսպէս թաքնուած մնալով կասկածի տակ դնել ընկերները, անձամբ կը ներկայանայ իշխանութիւններուն ու կը յանձնուի:
Անմիջապէս բանտարկելով, պուլկար իշխանութիւնները շատ չանցած զինք կը ղրկեն Մոսկուա, բայց զարմանալիօրէն Մոսկուայի մէջ որոշում կը կայացնեն, զայն յանձնել Հայաստանի կառավարութեան, եւ կ՛ուղարկուի Երեւան, ու շատ խիստ հսկողութեան տակ կը բանտարկուի:
Խիստ հսկողութեան տակ, որովհետեւ ան ոչ միայն կռուած էր Կարմիր բանակին դէմ, ոչ միայն մեծ թիւով համայնավար բանակայիններու մահուան պատճառ եղած էր, այլ Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ եղած էր համայնավար գաղափարաբանութեան սնանկութեան քարոզիչը:
Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը փոխանակ իր երախտագիտութիւնը յայտնելու այս մեծ հերոսին, որ երկրին տուած էր բախտը իր սահմաններուն մէջ պահելու Զանգեզուրը, ամենէն դաժան վերաբերմունքին կարժանացնէ զինք:
Բանտին մէջ բազմաթիւ անգամներ զինուորականութեան եւ ոստիկանութեան կողմէ կը հարցաքննուի, բայց կանոնաւոր դատավարութեան չ՛ենթարկուիր։ Այդ դատավարութեան ընթացքին, բազմաթիւ մեղքեր կ՛արձանագրուին Նժդեհի հաշւոյն եւ 1945էն մինչեւ 1948 երկարող այդ խաբէութեան բեմադրութենէն ետք, կը կազմուի անոր գործած «ոճիրներու» հաստկեկ թղթածրարը, եւ կ՛ուղարկուի Մոսկուա, ուր արդէն վճռուած էր անոր վճիռը՝ 25 տարուան բանտարկութիւն:
Ան արդէն բանտարկուած էր Երեւանի մէջ, ուր 3․5 տարի մնալէ ետք, կ՛աքսորուի Վլատիմիր կոչուած սիպերիական աքսորավայրը:
Անյայտ պատճառներով, Գարեգին Նժդեհը աքսորավայրէն կրկին կը բերեն Երեւան, 1952ին: Հայաստանի մէջ Նժդեհի ճանչցողներուն, մասնաւորաբար հարաւային Հայաստանի հայութեան համար, այս փոփոխութիւնը ներքնապէս ուրախութեան առիթ կ՛ընծայէ: Երեւանի բանտին մէջ կը մնայ մէկ տարի, համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ եւ լաւ վերաբերմունքի կ՛արժանանայ, մինչեւ իսկ ղեկավարները իր հետ կ՛ունենան մտերմիկ զրոյցներ եւ զինք կը տանին պտոյտի Երեւանի փողոցներուն մէջ: Այս վերաբերմունքի բացատրութիւնը, դժբախտաբար ցարդ յայտնի չէ:
Մէկ բան յստակ է, որ բոլոր հարցաքննութիւններու ընթացքին, ան ընկրկումի ոչ մէկ նշան ցոյց կուտայ, միշտ կը մնայ իր հերոսի, մարտականի եւ հայրենիք փրկողի բարձրութեան վրայ եւ քննիչներուն աչքերուն նայելով կը յարէ. «ՈՉ ՄԷԿ ՈՒԺ ԿՐՆԱՅ ԻՄ ՀՈԳԻԷՍ ՈՒ ՍՐՏԷՍ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵԼ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ»:
Այս բոլորը հայրենասէր հայութեան յոյս կը ներշնչէ, մանաւանդ , երբ Ստալինի մահէն ետք աքսորեալները տուն կը վերադառնային։ Մինչ Նժդեհ այդ ընդհանուր ներումի մթնոլորտին մէջ կ՛ակնկալէր, որ իբրեւ պուլկարահպատակ զինք ուղարկեն Սոֆիա, ան կրկին կ՛աքսորուի Սիպերիա, այս անգամ Պայքալ լիճի մօտերը՝ Թայշէտ քաղաքը, չափազանց վատառողջ կլիմայական պայմաններու մէջ:
Ան կը գիտակցի , որ համայնավարներուն համար կարեւոր էր իրմէ տեղեկութիւններ ստանալ Երեւանի իր ընկերներուն մասին, բան մը որ Նժդեհին համար կարելի չէր․ թէեւ արդէն Ստալին մահացած էր եւ ընդհանրապէս մեղմացած էին կրքերը, բայց մեղմացումը Նժդեհին համար չէր:
1955ին, երբ կ՛անդրադառնայ, որ իր կեանքի վերջալոյսին կը գտնուի, կը խնդրէ, որ զինք թաղէն Հայաստանի մէջ եւ իր ժամացոյցը, հագուստները ու իր անտիպ ձեռագիրները յանձնեն իր համայնավար եղբօր: Ան իր մահկանացուն կը կնքէ ու կը թաղուի այդ հեռաւոր, օտար ու ցուրտ՝ Վլատիմիր քաղաքին մէջ:
Սան Ֆրանսիսքոյէն Յակոբ Խուշպուլեան, որ Հայաստան այցելած է 1955ի Նոյեմբեր 21ին, իմացած է Նժդեհին մահուան լուրը: Ըստ անոր տեղեկութիւններուն Նժդեհ Թայշէտէն կրկին փոխադրուած էր Վլատիմիրի բանտը, ուր մահացած է:
Եղբայրը՝ Լեւոն Տէր Յարութիւնեան, մեկնած է Վլատիմիր․ թաղումը կատարուած եւ գերեզմանը ցանկապատուած է եւ վրան ռուսերէնով գրուած է․ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԳԱՐԵԳԻՆ ԵՂԻՇԵՒԻՉ (1886-1955)։
Նժդեհի կինը՝ Եւփիմէ, տարիներով կը տառապի բանտերու ու աքսորավայրերու մէջ, ու Նժդեհի մահէն ետք ինք եւս կը մահանայ Պուլկարիոյ մէկ խուլ անկիւնը, ամէն բանէ զրկուած: Ողբերգութիւն մը եղած է խեղճ կնոջ կեանքը, աւելի քան տասնամեակ մը, պարզ այն պատճառով որ ան Նժդեհի կինն էր:
(Շարունակելի)