ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը նամակներ յղեց ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէին` Ատրպէյճանի կողմէ հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան հետեւողական ոչնչացման առնչութեամբ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի կոպիտ ոտնահարում է:
Նամակներուն մէջ մանրամասն փաստեր ներկայացուած են Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նման յանցագործութիւններու հետեւողականօրէն իրականացման վերաբերեալ` նախկին Խորհրդային միութեան ժամանակաշրջանին, ապա նաեւ յաջորդած տարիներուն` նպատակ ունենալով մասնակիօրէն կամ ի սպառ ոչնչացնել ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան որեւէ վկայութիւն:
Մասնաւորաբար` իբրեւ հայկական մշակութային ժառանգութեան կործանման ամէնէն ողբերգական փաստ կը նշուի 1997-2006 թուականներուն Նախիջեւանի Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան քանի մը հազար միջնադարեան խաչքարերու դիտաւորեալ աւերման մասին:
Նամակներուն մէջ նաեւ տեղեկութիւն կայ այն մասին, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին եւ 1992-1994 թուականներուն Արցախի Հանրապետութեան դէմ ռազմական յարձակման ընթացքին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հիմնայատակ քանդուած եւ ամբողջութեամբ ոչնչացուած են հայկական 167 եկեղեցիներ, 8 վանական համալիրներ եւ 123 գերեզմանատուներ: Նոյն ժամանակաշրջանին շուրջ 2500 հայկական խաչքարեր եւ առաւել քան 10,000 հայկական գերեզմանաքարեր աւերուած են եւ օգտագործուած իբրեւ շինանիւթ:
Արտաքին գործոց նախարարը յատուկ կերպով կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը աւելի աշխոյժ դարձաւ 27 Սեպտեմբեր 2020ին՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած ռազմական յարձակումին ընթացքին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս, ինչ որ ատրպէյճանական ռազմական բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ մօտիկ ապագային հայկական մշակութային ժառանգութեան ամբողջական ոչնչացման իրական սպառնալիք է: Մասնաւորաբար ուշադրութեան յանձնուեցաւ Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ վրայ ատրպէյճանական զինուած ուժերու անօդաչու թռչող սարքով երկու անգամ կանխամտածուած հարուածներ հասցնելու փաստը: Մատնանշուեցաւ նաեւ ատրպէյճանցի զինուորական ծառայողներու կողմէ հայկական ժառանգութեան յուշարձաններու եւ գտածոներու դիտաւորեալ ոչնչացումը, որուն մասին վկայող բազմաթիւ տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ տարածուած են համացանցին վրայ:
Նախարար Բաբայեան կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն՝ արդիւնաւէտ միջոցներու ձեռնարկելու՝ երաշխաւորելու հայկական պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան յուշարձաններու պաշտպանութիւնը եւ պահանջելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն` յարգել եւ կատարել իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները` պահպանելու ներկայիս անոնց վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը եւ հրաժարիլ զայն ոչնչացնելու տխրահռչակ քաղաքականութենէն:
Նամակներուն կից ուղարկուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակին կողմէ պատրաստուած զեկոյցը` Արցախի Հանրապետութեան` Ատրպէյճանի բռնագրաւման տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուած վանտալիզմին եւ հայկական յուշարձաններու ոչնչացման վերաբերեալ։