ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն Կիլիկեան միաբանութեան երէց անդամներէն
ՄԵՂՐԻԿ ԵՊՍ. ԲԱՐԻՔԵԱՆի
(1968-2021)
վախճանումը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 16 Յունուար 2021ի վաղ առաւօտուն։
Վերջին օծման ու թաղման կարգը պիտի կատարուի Կիրակի, 17 Յունուար 2021ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, սուրբ եւ անմահ պատարագէն ետք։
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան
Ծնած է 3 Յունուար 1968ին, Պէյրութ (Լիբանան)։ Աւազանի անունն է Կարապետ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան եւ Միհրան Գարակէօզեան վարժարաններուն մէջ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը ընդունուած է Հոկտեմբեր 1982ին։
Կատարելէ ետք Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց քառամեայ ընթացքը՝ սարկաւագ ձեռնադրուած է 26 Մայիս 1985ին, ձեռամբ Դպրեվանքի տեսուչ Տաթեւ արք. Սարգիսեանի։ Աւարտելէ ետք Ընծայարանի բաժինը կուսակրօն եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է 29 Մայիս 1988ին, ձեռամբ Զարեհ եպս. Ազնաւորեանի, վերակոչուելով Տ. Մեղրիկ աբեղայ։
Վարդապետական Գաւազանի իշխանութիւն ստացած է 3 Յուլիս 1994ին, ձեռամբ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Արտակ արք. Մանուկեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Թուղթք Տ. Ներսիսի Կաթողիկոսի Հայոց Գրեալք Ի Զանազան Ժամանակս Առ Այլեւայլ Անձինս» աշխարհաբարի թարգմանութիւնն ու քննական ուսումնասիրութիւնը։ Լանջախաչ կրելու իրաւունք ստացած է 3 Յունուար 1996ին, հրամանաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն ստացած է 26 Մայիս 2002ին, ձեռամբ Զարեհ արք. Ազնաւորեանի։
Վանական կեանքէն ներս ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.
1988-1995 եղած է դպրապետ եւ հսկիչ Դպրեվանքի, միաժամանակ վարելով կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբի ղեկավարութիւնը։ 1995ին նշանակուած է լուսարարապետ Մայր տաճարի։ 1999-2002 ստանձնած է Ժըպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ի տեսչութիւնը։ Վանական պարտաւորութիւններու կողքին, սրբազան հայրը 1996-1997 հետեւած է «Overcome Vio lence»ի ուսումնական ծրագիրին եւ Պոսէի Միջ-եկեղեցական հիմնարկութեան (Bossey Ecumenical Enstitute)։ Սարկաւագութեան օրերուն հետեւած է դաշնակի դասընթացքներու։
1997-1999 մեկնած է Նիւ Եորք եւ հետեւած Mannes College of Music-ի դասընթացքներուն։ 19 Դեկտեմբեր 2002ին գործուղուած է Թորոնթօ (Գանատա)՝ իբրեւ հոգեւոր հովիւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ։
2010ին նշանակուած է Օնթարիօ նահանգի հոգեւոր տեսուչ, իսկ 19 Դեկտեմբեր 2013ին՝ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի Հայոց թեմին:
27 Ապրիլ 2014ին, Արամ Ա. կաթողիկոս եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում շնորհած է հայր սուրբին։ Գանատայի Հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական ժողովը իր Մայիս 2014ին, Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ ընտրած է Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը։ Իբրեւ առաջնորդ երկու տարի ծառայելէ ետք, 11 Նոյեմբեր 2016ին սրբազանը անձնական պատճառներով իր հրաժարականը ներկայացուցած է եւ Մայրավանք վերադարձած։
Կաթողիկոսարանէն ներս, վեհափառ հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ, ստանձնած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը։ 2017ին հիմնած է Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը։ Երկու տարի կատարելէ ետք իր առաքելութիւնը, 2018ին մեկնած է Պարսկաստան՝ ստանձնելով Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդի պատասխանատուութիւնը։ 2019ին վերադարձած է Մայրավանք եւ ստանձնած է «Թռչնոց Բոյն»ի հոգեւոր տեսուչի պաշտօնը։ 2020ին վեհափառ հայրապետին բարձր տնօրինութեամբ նշանակուած է տեսուչ Դպրեվանքի։
Մեղրիկ սրբազանը երաժշտական մարզին մէջ կատարած է բազմաթիւ մշակումներ եւ յօրինումներ։ Խմբագրած է երաժշտական բնոյթ ունեցող հատորներ։