Չորեքշաբթի, 13 Յունուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ հոգեւոր զաւակներէն՝ ազգային բարերարներ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսէ Էշկիեանները այցելեցին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանին եւ 25 հազար տոլար նուիրեցին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի գահակալութեան 25ամեակին առիթով:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս բարձր գնահատեց Էշկիեան ամոլը, որ մնայուն կերպով սատար կը հանդիսանայ բարի գործոց յաջողութեան:
Իր կարգին, Կարօ Էշկիեան պատրաստակամութիւն յայտնեց իր ամբողջանուէր զօրակցութիւնը բերելու առաջնորդ սրբազանի բոլոր ծրագիրներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ