ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արտակ Բեգլարեան կ՛անդրադառբայ Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն`աւելցնելով, որ ան շահադիտութեան կ՛ենթարկէ գերեվարուած քաղաքացիներու եւ ռազմագերիներու հարցը:
«Շատ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձինք պատերազմի ժամանակ, 64 ռազմագերիներ եւ որոշ քաղաքացիական անձինք յետ-պատերազմեան ժամանակահատուածում Ադրբեջանում բանտարկուել են առանց Կարմիր Խաչի եւ ռուս միջնորդների պաշտօնական հաստատման», կ՛ըսէ Բեգլարեան։