ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւններու ղեկավարները 10 Յունուարին տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկեցին երկու երկիրներու պետական սահմաններուն տեղի ունեցած միջադէպերու միացեալ հետաքննութեան եւ գերիներու փոխանակման վերաբերող հարցերը։ Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութեան մամլոյ ծառայութեան։
Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար Ալի Նակիեւ եւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան 10 Յունուարին հանդիպում ունեցան Որոտան եւ Շուռնուխ սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ, որոնք կ’ընդգրկուին Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կազմին մէջ։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ Ատրպէյճանի Պետական սահմանապահ ծառայութեան ղեկավար Էլչին Կուլիեւ եւ միւս կողմի սահմանապահ ծառայութեան ղեկավարութիւնը։
Քննարկուեցան երկու երկիրներու պետական սահմաններուն տեղի ունեցած միջադէպերու միացեալ հետաքննութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան, զինուորական գործողութիւններու գօտիին մէջ մարմիններու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման վերաբերող հարցեր։
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ կողմերը քննարկեցին անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու ճակատագիրներու պարզաբանման վերաբերող հարցերը։
Ատրպէյճանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը հաստատեց, որ երկու երկիրներու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարները հանդիպում ունեցան նաեւ 8 Յունուարին, հայ¬ատրպէյճանական սահմանի չէզոք գօտիին մէջ, որ կը գտնուի Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան տարածքին մէջ։
Նշեալ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմանի յայտարարութեամբ ձեռք բերուած զինադադարի պահպանումը կը ծառայէ երկու ժողովուրդներու շահերուն եւ անվտանգութեան։