ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 4 Յունուարին ստորագրեց շարք մը հրամանագիրներ, որոնցմէ մէկուն համաձայն, Մասիս Մայիլեան զերծ կացուցուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, իսկ այլ հրամանագիրով մը Դաւիթ Բաբայեան ստանձնեց այդ պաշտօնը` դադրելով Արցախի նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն: Մասիս Մայիլեան նշանակուեցաւ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան։
Այլ հրամանագիրով Վահրամ Բաղդասարեան դադրեցաւ Արցախի ելեւմուտքի նախարար ըլլալէ` այլ աշխատանք ստանձնելուն պատճառով, իսկ Գրիգորի Մարտիրոսեան նշանակուեցաւ Արցախի պետական նախարար, ելեւմուտքի նախարար: