Թեհրանի իսլամական քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մոհամետ Ժաւատ Հատշենաս յայտնեց, որ քաղաքապետական խորհուրդի անուանակոչման յանձնախումբը Թեհրանի Միրզա Շիրազ եւ Սանա փողոցները կապող 19րդ փողոցը անուանած է ի պատիւ հայ նահատակ Անդրանիկ Մկրտչեանի: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «ՓարսԹուտէյ» պետական գործակալութեան հայկական բաժինը:
Յիշեցնենք, որ Իրանի հայերը գործօն մասնակցութիւն ունեցած են յեղափոխութեան 8ամեայ պաշտպանութեան՝ 1980-1988 թուականներու Իրան-Իրաք պատերազմին:
Այս երկարատեւ պատերազմին ընթացքին զոհուած հայերուն թիւը 80 է: