ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանը ստացաւ 50,000 տոլարի գումար մը թեմի բարերարներէն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր զաւակներէն՝ դպրեվանեցի Սարգիս Սեփեթճեանի եւ իր տիկնոջ՝ Նունէին կողմէ: Անոնք նախապէս հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած էին նորընտիր առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի հետ եւ շնորհաւորած անոր առաջնորդ ընտրուիլը ու այս առիթով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Ազգային առաջնորդարանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ սրբազան հօր բոլոր ծրագիրներուն:
Նոր Տարուան առիթով, Սեփեթճեան զոյգին այս նշանակալի նուիրատուութիւնը կու գայ յաւելեալ աշխուժութեամբ խթանելու Ազգային առաջնորդարանի ծրագիրներու կատարման ընթացքը․ Ազգային առաջնորդարանը Հայ եկեղեցւոյ ընդմէջէն վերանորոգ հաւատքով ու նուիրուածութեամբ կը շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել մեր հայրենիքին, ազգին եւ ժողովուրդի զաւակներուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ