ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 1.7 ՄԻԼԻՈՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ ԱՆՑԱՒ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 23 Դեկտեմբերի տուեալներով՝ Լոս Անճելըս գաւառին մէջ համաճարակի զոհերուն թիւը հասած է 9016ի, իսկ վարակուածներունը՝ 647,542ի, մինչ հիւանդանոցներուն մէջ դարմանուողներուն թիւը կը շարունակէ խիստ մտահոգիչ մնալ՝ հասնելով 5866ի։
Մինչ պատուատումները կը շարունակուին, աշխարհի տարածքին վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 79 միլիոնի, իսկ զոհերուն թիւը անցաւ 1.7 միլիոնի սահմանը։ Միացեալ Նահանգերու մէջ այդ թիւերը յաջորդաբար 18.7 միլիոն եւ 330,000 են։