ՄՈՆԹԷՎԻՏԷՕ, «Փրենսա Արմէնիա».- Երեքշաբթի, 15 Դետեմբերին տեղի ունեցաւ «Հայ Դատը Արարատի Ուրուկուէյի Մէջ. Ճանաչման Պատմութիւնը» խորագրուած գիրքին ներկայացումը։
Գիրքը 1965ին Ուրուկուէյի խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պատմութիւնն է, իր տեսակին մէջ առաջին օրէնքը՝ Հայ Դատի պայքարի ճամբուն անկիւնադարձային յիսնամեակի տարուան ընթացքին: Համաճարակին պատճառով առցանց տեղի ունեցած շնորհահանդէսը կազմակերպեցին Ուրուկուէյի «Զելմար Միչելինի» հիմնարկութիւնը եւ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» հիմնարկութիւնը:
Գիրքը ներկայացուցին Ուրուկուէյի համալսարանի տնօրէն Ռոտրիկօ Արիմ, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական յանձնախումբի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ եւ «Հրայր Մարուխեան» հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան եւ «Զելմար Միչելինի» հիմնարկութեան նախագահուհի Սեսիլիա Միչելինի: Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ գիրքին երեք հեղինակները, որոնք կատարած էին ուսումնասիրութիւնը՝ պատմաբան, քաղաքագէտ Խերարտօ Կաէթանօ եւ հրապարագիրներ Սալվատոր Նեվես եւ Մաուրիսիօ Ռոտրիկեզ:
Ուրուկոէյի նախագահ Լուիս Լաքաժէ Փօու եւ փոխնախագահուհի Պէաթրիզ Արխիմոն առանձին պատգամներ ուղարկեցին ներկայացման: «Գիրքը հայերու եւ ուրուկուէյցիներու փոխյանձնառութեան պատմութեան կարեւոր վկայութիւն մըն է, պատմութիւնը ուրուկուէյցիներու, որոնք 1965ին իրենց ձայնը բարձրացուցին՝ ի խնդիր Հայ Դատին, մաս կը կազմէ իրարմէ տարբեր պատմական հոլովոյթէ անցած երկու ժողովուրդներու, որոնք միասին յանձնառութիւն վերցուցին ժողովուրդներու դատերուն ի պաշտպանութիւն: Այս յանձնառութիւնը հիմնականօրէն Հայ Դատին նկատմամբ է, յանձնառութիւն է հանդէպ ուրուկուէհայերու, որոնք անխոնջ աշխատանք տարին թէ՛ Ցեղասպանութեան ճանաչման, թէ՛ Հայ Դատի ի խնդիր», ըսաւ նախագահ Լաքաժէ Փօու՝ աւելցնելով, որ գիրքը պատմական վկայութիւն մը չէ միայն, «կարեւոր է նաեւ իբրեւ յանձնառութիւն ներկայի եւ ապագայի»: Իր խօսքին մէջ Լաքաժէ Փուօ անդրադարձաւ նաեւ Արցախի պատերազմին եւ Ուրուկուէյի դիրքորոշման՝ ըսելով. «Ինչպէս միշտ, ձեր տրամադրութեան տակ ենք»:
Փոխնախագահուհին իր կարգին իր ուրախութիւնը յայտնեց գիրքին լոյս ընծայման համար եւ կարեւոր համարեց 1965ի օրէնքը՝ ըսելով, որ պետական մակարդակով կատարուած ճանաչումը առիթ կու տայ արդարադատութեան վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու, որպէսզի իսկական ցեղասպանութիւնները չանտեսուին բնաւ: