ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Անթիլիասի հոգեմտաւոր արժէքները (ձեռագիրներ, հնատիպեր եւ գիրքեր)»նիւթին շուրջ Հինգշաբթի, 17 Դեկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ներկայութեամբ միաբանական հաւաք մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Օրուան զեկուցաբերն էր մատենադարանի, ձեռագիրներու եւ հնատիպերու բաժանմունքի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան:
Սրբազան հայրը ընդհանուր ներածականով մը ներկայացուց ձեռագիրներու, հնատիպերու եւ հրատարակչութեան զարգացման հոլովոյթը, ապա ան կեդրոնացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին յիշեալ երեք բաժամունքներու հաստատման ու կազմակերպման պատմութեան վրայ: Սրբազանը առանձնաբար անդրադարձաւ, թէ ինչ դժուար պայմաններու մէջ ներկայ ձեռագիրներուն մէկ մասը Սիսէն փոխադրուած է Անթիլիաս, ապա նոր ձեռագիրներով ճոխացած, նոյնպէս հնատիպերը, բնականաբար, մատենադարանի հիմնադրութիւնը եւ կազմակերպումը տարբեր ընթացք ստացած է. անիկա ճոխացած է առաւելաբար վեհափառ հայրապետներու, միաբան հայրերու եւ մտաւորականներու հաւաքածոներով:
Իր փակման խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան կարեւոր բնագաւառը կը կազմէ ձեռագիրը, հնատիպը, այլ խօսքով՝ գիրքը, ոչ թէ միայն իր հնութեամբ, այլ էապէս իր բովանդակութեամբ ու պատգամով: Շարունակելով իր խօսքը՝ կաթողիկոսը ըսաւ, թէ մենք ոչ թէ միայն պահապաններն ենք մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր հարստութեան, այլ նաեւ կոչուած ենք զայն առաւել հարստացնելու, միաժամանակ մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքը անոնցմով արժեւորելու:
Միաբանական յաջորդող հաւաքին նոյն ձեւով պիտի ներկայուացուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիոկսութեան հոգեմտաւոր ժառանգութեան այլ մարզերը: