ՊՐԻՒՔՍԵԼ, «Թասս».- Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին շեշտած է Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը, կը հաղորդէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութիւնը:
Պորել կարեւոր նկատած է խաղաղութեան հաստատման ու հաշտեցման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ծիրին մէջ միջազգային մարդկային իրաւունքի եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւորութիւնը:
Եւրոպացի պաշտօնեան յոյս յայտնած է, որ զինուորական գործողութիւններու դադրեցումը պիտի արտօնէ ջանքեր գործադրել տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ եւ կանխարգիլել մարդկային հետագայ կորուստները: Պորել նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու տագնապէն վնասուած քաղաքացիական բնակչութեան կարիքներու բաւարարման համար: