ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Սոթքի ոսկիի հանքը կիսով պիտի ըլլայ Հայաստանի տարածքին, կիսով՝ Ատրպէյճանի մէջ, յայտնեց Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարի առաջին տեղակալ, հազարապետ-զօրավար Տիրան Խաչատրեան, պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:
Տիրան Խաչատրեան ներկայացուց հանքավայրին եւ պետական սահմանի գիծը պատկերող քարտէսը, ըստ որուն, հանքին մէկ մասը՝ դէպի արեւմուտք, Հայաստանի տարածքին մէջ է, դէպի արեւելք՝ Քարվաճառի, որ անցած է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ:
Նաեւ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց Քարվաճառ տանող դարպասը կոտրելու մասին լուրերը, աւելցնելով, որ կ՛ընթանան սահմանի վերջնական ճշգրտման աշխատանքները:
Նշենք, որ Սոթքի ոսկիի հանքը կ՛օգտագործուի ռուսական ընկերութեան մը կողմէ, որ Հայաստանի չորրորդ մեծ հարկատուն է: