ՄՈՍԿՈՒԱ, «Թասս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եռեակ համանախագահներու կազմը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիա, Միացեալ Նահանգները ու Ֆրանսա, ծրագրուած չէ ընդլայնել, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Մենք մնայուն կապի մէջ ենք, երէկ ես զրուցեցի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Աշխատակիցները կը հաղորդակցին ամերիկացի ներկայացուցիչներուն հետ», նշեց Լաւրով:
Ան աւելցուց, որ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ հանդիպում նախատեսուած է:
«Մենք անոնց մանրամասնօրէն պիտի տեղեկացնենք, թէ ինչպէ՛ս մենք կը տեղակայենք խաղաղապահ ուժերը: Հաւանական է, որ խորհրդակցինք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կրնան նպաստել խաղաղ կեանքի հաստատման` նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ բոլոր ազգային-կրօնական համայնքներու իրաւունքները», բացատրեց Ռուսիոյ նախագահը:
Լաւրով յստակացուց, որ Թուրքիա պիտի չներառուի Մինսկի խմբակի համանախագահներու խումբին մէջ:
Ան յայտնեց, որ Արցախի կարգավիճակը պիտի որոշուի շրջանի բոլոր դասակարգերու բնակիչներու իրաւունքներուն յստակացումէն ետք: