ՕՍԼՕ, «Թասս»․- Նորվեկիոյ իշխանութիւնները հակամարտութենէն տուժած Արցախի խաղաղ բնակչութեան 17 միլիոն քրոնըր (1․5 միլիոն եուրօ) արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու որոշում տուին։
«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները բազմաթիւ կեանքեր խլեցին, շատեր ստիպուած լքեցին իրենց տուները։ Այս բոլորը քաղաքացիական բնակչութեան մեծ տառապանք պատճառեցին», յայտնեց Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: