ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Զարթօնք»․- Թահանկայի Garden of Foothill սրահին մէջ, ՌԱԿի Ամերիկայի Հայ Իրաւանց խորհուրդին նախաձեռնութեամբ՝ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք մը շուրջ քսան հինգ հոգիի ներկայութեամբ. անոր ընթացքին 65 հազար տոլարի գումար մը գոյացաւ։ Ձեռնարկը իրականացաւ հիւրընկալութեամբը խորհուրդի տեղւոյն անդամ Հրանդ Վարձպետեանի։ Ելոյթ ունեցան տոքթ. Րաֆֆի Պալեան, Փանիկ Քէշիշեան, Դաւիթ Սամուէլեան, Հենրիկ Միսրլեան եւ հիւրընկալը։
Յաջորդող օրերուն, խորհուրդէն պատուիրակութիւն մը, Հայաստանի Համահայկական հիմնադրամի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հիմնադրամի Ամերիկայի տարածքի նախագահուհի Մարիա Միհրանեանի հետ՝ յանձնելով գոյացած 65 հազար տոլարի գումարը։
Նոյն օրը, ՌԱԿի Արեւմտեան Շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրթեանի հետ, որ գնահատեց ՌԱԿի ղեկավարները հայրենիքին եւ Արցախին իրենց մշտատեւ զօրակցութեան եւ ծառայութեան համար ու տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի իրադարձութիւններուն մասին։