ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսային ներքին գործոց նախարար Ժերար Տարմանի Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ կառավարութիւնը հաւանաբար Չորեքշաբթի օր քննէ թուրք ազգայնամոլներու «Գորշ գայլեր» խմբաւորումը արգիլելու հարցը։
Նախարարը որոշումը կապեց Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձաններու, Հայաստանի ներկայացուցչութիւներուն, ինչպէս նաեւ հայ ցուցարարներու վրայ յարձակումներուն հետ։