ՄԱՏՐԻՏ, «Նիուզ»․- Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ 20 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի մը ընթացքին, Մատրիտէն եւ սպանական այլ քաղաքներէ հարիւրաւոր հայեր դատապարտեցին Արցախի եւ Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ յարձակումները՝ «ահաբեկիչ» որակելով անոնց նախագահները, նոյն ժամանակ արթննալու կոչ ըրին Սպանիոյ, որպէսզի հայոց 2րդ ցեղապսնութիւն մը տեղի չունենայ։
Ցուցարարները նաեւ պահանջեցին՝ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը: