ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Հանգուցեալ յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանի յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած կրթանպաստի հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ որոշած է իր 2020 տարեշրջանի 5000 տոլար կրթանպաստը յանձնել սրնգահար Արին Սարգիսեանին, որ կը մասնագիտանայ Հիւսթընի մէջ։
Սարգիսեան շարք մը մրցանակներ շահած է եւ արդէն իսկ ելոյթներ ունեցած է շարք մը հեղինակաւոր նուագախումբերու հետ։
Երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող եւ առնուազն համալսարանական երկրորդ տարուան լիաժամ հայ ուսանողներու յատուկ սոյն կրթանպաստի մանրամասնութիւններուն համար այցելել www.edwardhosharian.com կայքը:
Հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու: