Համաճարակը Կը Տարածուի Սպիտակ Տան Մէջ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Նենսի Փելոսի խստօրէն քննադատեց համաճարակէն տուժած քաղաքացիներուն եւ գործատէրներուն աջակցելու բանակցութիւնները կամայականօրէն կասեցնելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը, շեշտելով, որ ասիկա փաստ մը եւս կու գայ աւելցնելու այն համոզումին վրայ, որ Սպիտակ տունը քաոսային վիճակի մէջ կը գտնուի։
«Թրամփ անգամ մը եւս իր շահերուն զոհ կը դարձնէ ամբողջ երկիրը», գրեց Փելոսի՝ ակնարկելով Ծերակոյտին ուղղուած նախագահի այն «հրահանգ»ին, թէ այժմ պէտք է բոլոր ջանքերը կեդրոնացնել Գերագոյն ատեանին իր նշանակած ծայրայեղ պահպանողական դատաւորին հաստատումը ապահովելու աշխատանքին վրայ։
Նշենք, որ Թրամփի ազգայնամոլ մօտիկ խորհրդական Սթեֆըն Միլըր եւս «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, Թրամփի անմիջական շրջանակէն վարակուածներուն թիւը հասնցելով առնուազն 18ի։ Վարակուած են նաեւ բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներ։