Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան փոխհամանախագահ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան 2 Հոկտեմբերին հրապարատկեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին պատճառով շարունակուող լարուածութիւնը, դժբախտաբար, վերջին օրերուն կ՛ընթանայ դէպի պատերազմ:
«Հակառակ ամբողջ աշխարհին՝ հակամարտութեան դադարեցման եւ հրադադարի կոչերուն, Թուրքիոյ իշխող դաշինքը բացայայտօրէն ռազմատենչ պահուածք մը որդեգրած է՝ մեր երկրի դրացիները հանդիսացող Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ լարուածութեան դիմաց:
«Իշխանութիւնը բացայայտօրէն պատերազմի քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ՝ իր ռազմատենչ ընթացքով, Հայաստանի պետութեան դէմ բացայայտ թշնամական յայտարարութիւններով եւ նեցուկ կանգնով պատերազմին՝ փոխանակ հրադադարի ու բանակցութեան կոչ ուղղելու երկու երկիրներուն:
«Ըստ ՄԱԿի քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքի համաձայնագիրի 20րդ յօդուածին, զոր ստորագրած է նաեւ Թուրքիա, եւ որ Սահմանադրութեան 90/4 յօդուածին համաձայն գերադաս է ներքին իրաւունքէն, «պատերազմի որեւէ քարոզչութիւն արգիլուած է օրէնքով»: Իշխանութեան ներկայացուցիչները յանցանք կը գործեն՝ իրականացնելով պատերազմի քարոզչութիւն:
«Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակղութիւնը եւ իր ներկայացուցիչները մշտապէս խաղաղութիւն պաշտպանած են: Իմ ընկերներս եւ ես, կեանքի ու քաղաքականութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ, թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, ընդդիմանալով պատերազմին՝ միշտ պաշտպանեցինք խաղաղութիւնը եւ պիտի շարունակենք պաշտպանել:
«Այն բոլոր հարցերուն մէջ, ուր իշխանութիւնները կողմ էին հակամարտութեան, բռնութեան եւ ռազմի քաղաքականութեան, ինչպէս Էգէականի հարցը, Քրտական հարցը, Ղարաբաղեան հարցը, միշտ կողմ եղայ խաղաղ լուծման: Հակամարտութեան առաջին պահէն իսկ, ջանք թափեցի փոխելու Թուրքիոյ դիրքը այս պատերազմին դիմաց, որուն հետեւանքով հայ եւ ատրպէյճցի ժողովուրդները պիտի ունենան մեծ կորուստներ: Կատարած յայտարարութիւններուս մէջ կողմ եղայ միայն խաղաղութեան:
«Այսօր ես եւ իմ կուսակցութիւնը Եւրասիական ռազմավարական հետազօրութիւններու կեդրոնին ստորագրութեամբ հրապարակուած ծանուցումով մը՝ իբրեւ թիրախ ցոյց տրուեցանք, որովհետեւ խաղաղութիւն կ՛ուզէինք: Ատելութեան խօսքով լեցուն այդ յայտարարութիւնը կատարողներուն հարցով դիմած եմ դատական գործընթացի:
«Իշխանութիւնը ռազմական քաղաքականութեամբ մեր երկիրը եւ ամբողջ տարածաշրջանը դէպի խաւար կ՛առաջորդէ: Անոնք, որոնք պատերազմի փողեր կը հնչեցնեն, կը փորձեն լռեցնել խաղաղութեան ձայն բարձրացնել փորձողները: Ինչ ալ ընեն անոնք՝ ես եւ ընկերներս պիտի շարունակենք «խաղաղութիւն» գոչել:
«Որովհետեւ՝ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ՉՈՒՆԻ ՅԱՂԹՈՂ, ԻՍԿ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՊԱՐՏԵԱԼ:
«Կը տեսնեմ, որ կարգ մը շրջանակներ շարժման անցած են զիս լռեցնելու համար: Շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչ կը նշանակէ այս յայտարարութիւնը: Հակառակ այս իրողութեան, պիտի չնահանջեմ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ՝ պատերազմները կանխելու համար: Անձիս դէմ հաւանական բոլոր յարձակումներուն պատասխանատուն, իշխանութիւններուն չափ նշեալ եւ նման կազմակերպութիւններն են, որոնք անցեալին պատահած ատելութեան յարձակումներուն ալ պատասխանատուներն էին:
«Կոչ կ՛ընեմ բոլոր այն անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք կը հաւատան խաղաղութեան, որպէսզի խաղաղութիւնը պաշտպանելու համար բարձրացնեն իրենց ձայնը՝ ընդդէմ պատերազմին»: