ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անգարայի ընդհանուր դատախազը 25 Սեպտեմբերին յայտնեց, որ սկսած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան 7 պատգամաւորներ անձեռնմխելիութենէ զրկելու գործընթացին, որ կը վերաբերի այն անձերուն, որոնք Արաբունարի (Քոպանի) մէջ իրադարձութիւններուն ընթացքին եղած են Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Գործադիր խորհուրդի անդամ։ Վկայակոչելով «Զարթօնք» թերթը՝ այս մասին յայտնեց թրքական Tele1 պատկերասփիւռի կայանը։
Յայտնի է, որ ցանկին վրայ ներառուած են երեսփոխաններ Կարօ Փայլան, Սարուհան Օլուչ, Մերալ Տանիշ Պեշթաշ, Հուտա Քայա, Սեզա Թեմելլին եւ Սերպիլ Քեմալպայը։
Զանգուածային ձերբակալութիւններուն առաջինին արձագանգեց արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութեան նախարար Մուսթաֆա Վարանք, որ ըսաւ, թէ կուսակցութեան դէմ սկսած է հակաահաբեկչական գործողութիւն։